2014-07-17 10:05:28

Փեռուի զանազան համայնքներու կրօնապետերը կը ստորագրեն `''յանձնառում վասն Փեռուի'' վաւերաթուղթը։


Փեռուի ազգային մատենադարանի դահլիճին մէջ, 17 Յուլիս 2014-ին, Փեռուի բոլոր համայնքները ներկայացնող կրօնապետերը ստորագրած են ''յամնձնառում վասն Փեռուի'' վաւերաթուղթը։ Վաւերաթուղթը կ`ընդգրկէ չորս սկզբունքներ` աշխատիլ կեանքի յարգանքին ի սպաս. ընտանիքի պաշտպանութիւնն ու բարգաւաճումը. դաստիարակութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը։
Նշենք որ ''յամնձնառումը վասն Փեռուի'' վաւերաթուղթը ստորագրուած է կաթողիկէ, օրթոտոքս, անկլիգան եւ բողոքական բոլոր եկեղեցիներէն, Մորմոններէն, Իսլամական ընկերակցութենէն եւ պուտտաեական ու Պահա հասարակութիւններէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.